2016-12-28 10:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2016 տարուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Քրիստոնէական Յոյսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 28 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ 2016 տարուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց  Քրիստոնէական յոյսի վրայ յատուկ անդրադարձ կատարելով Ծննդոց գիրքէն քաղուած Աբրահամի` մեր  նախահօր յոյսի ու հաւատքի մասին։

 

 

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս։

Սուրբ Պօղոս, Հռոմայեցիներու ուղղած նամակին մէջ, մեզի կը յիշեցնէ Աբրահամի մեծ կերպարը, նշելու համար հաւատքի եւ յոյսի ճանապարհը։ Առաքեալը կը գրէ. “Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի՝Աբրահամ հաւատաց եւ եղաւ հայր բազմաթիւ ազգերու”  (Հռոմ Դ. 18)։ Սուրբ Պօղոս կը մատնանշէ այն հաւատքին որով Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ խօսքին, որ իրենց զաւակ մը կը խոստանար։ Այդ իսկական վստահութիւն մըն էր, որովհետեւ ան ծեր էր եւ կինը ամուլ։

Վստահելով այդ խոստումին, Աբրահամ ճամբայ կ՛ելլէ, կ՛ընդունի թողուլ իր երկիրը եւ ըլլալ օտարական, յուսալով այդ “անկարելի” զաւակին, որ Աստուած իրեն պիտի շնորհէր։ Աբրահամ կը հաւատայ, անոր հաւատքը կը բանայ յոյս մը, որ երեւութապէս անտրամաբանելի է։ Ան, կարողութիւնն է գերազանցելու մարդկային տրամաբանութիւնը, աշխարհի իմաստութիւնը եւ խոհեմութիւնը, առողջ մտածողութիւնը՝ հաւատալու համար անկարելիին։ Յոյսը կը բանայ նոր հորիզոններ, կարող կը դարձնէ մեզ երազելու այն ինչ որ նոյնիսկ անկարելի է երեւակայել։ Յոյսը մեզ կը տանի անորոշ ապագայի մը խաւարին մէջ՝ քալելու համար լոյսի տակ։

Այս դժուարին երթ մըն է։ Աբրահամի համար ալ յուսահատութեան տագնապի ժամանակը կու գայ։ Ան վստահեցաւ, ճամբայ ելաւ, հասաւ այն երկիրը, որ Աստուած իրեն խոստացած էր, անցած էր ժամանակ, սակայն տակաւին զաւակ չունէր, Սարայի արգանդը կը մնար ամուլ։       

Աբրահամ կը գանգատի Տիրոջ. “Տէր Աստուած, ինծի ինչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ” (Ծննդ ԺԵ. 2-6)։

Այս դէպքը կը պատահի գիշեր ժամանակ, դուրսը խաւար էր, սակայն նաեւ Աբրահամի սրտին մէջ յուսախաբութեան, վհատութեան, անկարելի բանի մը յուսալ շարունակելու դժուարութեան խաւարը կը տիրէր։ Նախահայրը յառաջացած տարիքի մէջ է, կարծէք ժամանակ չկար զաւակի մը, եւ ծառայ մը պիտի ժառանգէր ամէն ինչ։

Աբրահամ կը դիմէ Տիրոջ, սակայն Աստուած, եթէ նոյնիսկ ներկայ է եւ կը խօսի Աբրահամի հետ, կ’երեւի հեռացած, այնպէս թէ իր խօսքին հաւատարիմ չըլլար։ Աբրահամ առանցին կը զգայ, ծեր է եւ յոգնած, եւ մահը արդէն կ՛ուրուագծուի։ Ի՞նչպէս կարելի է շարունակել վստահիլ։

Սակայն, գուցէ անոր գանգատը հաւատքի կերպ մըն է։ Հակառակ ամէն բանի, Աբրահամ կը շարունակէ հաւատալ Աստուծոյ եւ յուսալ որ տակաւին բան մը կրնայ պատահիլ։ Այլապէս, ինչու՞ դիմել Տիրոջ, դժգոհիլ անոր, յիշեցնել Անոր կատարած խոստումները։ Հաւատքը լոկ լռութիւն չէ, որ կ’ընդունի ամէն ինչ առանց հարցադրելու, յոյսը այն վստահութիւնը չէ, որ քեզի ապահովութիւն կու տայ կասկածանքի եւ շփոթութեան մէջ։ Հաւատալ կը նշանակէ նաեւ վիճաբանիլ Աստուծոյ հետ, ցոյց տալ Անոր մեր դառնութիւնը, առանց “բարեպաշտիկ” յերիւրանքներու։ Յոյս կը նշանակէ նաեւ վախ չունենալ տեսնելու իրականութիւնը՝ այնպէս ինչպէս որ է, եւ ընդունիլ հակասութիւնները։

Հետեւաբար, Աբրահամ, իր հաւատքին մէջ, կը դիմէ Աստուծոյ, որպէսզի օգնէ իրեն, որպէս զի շարունակէ յուսալ։ Եւ Տէրը կը շարունակէ պնդելով Իր անհաւատալի խոստումին վրայ՝ թէ ծառան պիտի չժառանգէ, այլ զաւա´կը։ Աստուծոյ կողմէ ամէն ինչ կը մնայ անփոփոխ։ Ան կը շարունակէ շեշտել այն ինչ որ արդէն ըսած էր Աբրահամի, առանց տալու աւելորդ ապահովութիւններ։ Անոր միակ ապահովութիւնը՝ Աստուծոյ խօսքին վստահիլն է եւ շարունակել յուսալ։

Աստուած Աբրահամին կու տայ նշան մը, “Դիտէ երկինքը եւ հաշուէ աստղերը … Այդպէս պիտի ըլլայ քու սերունդդ” (Ծննդ ԺԵ. 5)։ Ահա նոր խոստում մը։ Աստուած Աբրահամը վրանէն դուրս կ’առաջնորդէ եւ ցոյց կու տայ աստղերը։ Հաւատալու համար կարեւոր է գիտնալ տեսնել հաւատքի աչքերով։ Ամէն մարդ կրնայ տեսնել աստղերը, սակայն Աբրահամի համար անոնք կը վերածուին հաւատքի նշանի։

Այս է հաւատքը, յոյսի ճանապարհը, որուն վրայէն ամէն մարդ պէտք է ընթանայ վստահութեամբ, եթէ նոյնիսկ մեզի միակ կարելիութիւնը կը մնայ դիտել աստղերը։ Աւելի գեղեցիկ ոչ մի բան կայ` յոյսը հիասթափ չի թողուր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.